2015-05-13 11:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը ` Ընտանիքը. երեք բառերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 13 Մայիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ շարունակելով ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց ընտանիքի ապրումի վրայ ու անոր հայող հարցերուն։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, այսօրուայ խորհրդածութիւնը մուտքի դուռ մըն է շարք մը յառաջիկայ խորհրդածութիւններուն, հայող ընտանեկան կեանքի ապրումին։  Ան ապա մատնանշեց թէ այդ դուռին վրայ փորագրուած են երեք բառեր` ''բարեհաճ՞իս, շնորհակալութիւն եւ ներողութիւն'', որոնք ընտանեկան կեանքի ճանապարհը կը հարթեն։

Պարզ բառեր են – ըսաւ Քահանայապետը – սակայն անոնց գործադրումը այնքան ալ պարզ չէ։ Անոնք կը ներփակեն մեծ ուժ մը, ուժ մը պահպանելու ընտանեկան օճախը, հակառակ հազարաւոր դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն։
Մենք այս բառերը կ՛ըմբռնենք որպէս ''բարեկրթութեան'' բառեր եւ այս մասին Սալէսի սուրբ Ֆրանչիսկոսը կ՛ըսէ թէ ''բարեկրթութիւնը կէս սրբութիւն է''։ Սակայն զգոյշ ըլլալու ենք որովհետեւ պատմութեան հոլովոյթին ճանչցանք ձեւակերպուած  բարեկրթութիւն մը որ շատ անգամ ''դիմակի'' կը նմանի, որուն ետին կայ հոգիի չորութիւն ու ուրիշին հանդէպ անտարբերութիւն։ Մենք սակայն բարեկրթութիւնը կը հասկնանք բառին բուն իմաստով ուր բարի սորվորւթիւններն ու յարաբերութիւնները արմատաւորուած են բարիի սիրոյն եւ ուրիշին յարգանին մէջ,  յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը  ու ակնարկեց երեք բառերու իմաստին որուն առաջինը` ''Եթէ կը բարեհաճիս'' է որ կը նշանակէ ուրիշի կեանքին մէջ մտնելու թոյլտութիւն խնդրելու ձեւ մը, նրբութեամբ, յարգանքով եւ վստահութեամբ։ Իսկական սէր մը կը պահանջէ ազատութեան յարգանք եւ ունակութիւն սպասելու, որպէսզի միւսը բանայ իր սրտին դուռը։ Նոյնինքն Տէրը միշտ թոյլտութիւն կը խնդրէ մտնելու։

Երկրորդը` ''Շնորհակալութիւն'' բառն է։  Շատ անգամ այնպէս կը թուի որ ազնուութիւնը ու շնորհակալութիւն յայտնելու կարողութիւնը տկարութեան նշաններ են։ Այս միտումը հակազդելու ենք ընտանիքի ծոցին մէջ։ Պէտք է պահանջկոտ դառնանք երախտագիտութեան եւ ճանաչումի կրթութեան հանդէպ։ Հաւատացեալի մը համար, երախտագիտութիւնը հաւատքի սիրտն է։ Քրիստոնեայ մը որ չի գիտեր շնորհակալութիւն յայտնել մոռցած է Աստուծոյ ոճը ու անոր խօսելու ձեւը։

Երրորդը Ներողութիւն բառն է։  Դժուար ու սակայն անհրաժեշտ բառ մը։ Երբ պակսի, փոքր ճեղքեր կ՛ընդլայնուին ու կը դառնան խոր վիհեր։

Յիսուսին մեզի սորվեցուցած Հայր Մեր աղօթքին մէջ կ՛ըսենք ''ներէ մեզի մեր պարտքը, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց որ մեզի կը պարտին'' (Մատթ 6,12)։ Եթէ մենք կարողութիւնը չունինք ներում հայցելու, կարողութիւնը չունինք նաեւ ներելու։ Ընտանեկան յարկին տակ ուր ներողութիւն չի խնդրուիր, այնտեղ կը սկսին բացուիլ շատ մը վէրքեր։ ''Ձեզի խրատ մը կ՛ուզեմ տալ երբեք օրը մի փակէք առանց հաշտութեան''  ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ու հրաւիրելով հայցել Տիրոջ օգնութիւնը որպէսզի այս երեք բառերը կարենանք պատշաճօրէն օգտագործել ու զանոնք զետեղել իրենց տեղերը, մեր սրտին մէջ, մեր տան մէջ եւ մեր ընկերային կեանքէն ներս։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորները ու յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն վերյիշելով թէ այսօր կը նշուի Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնը։  Սրբազան Հայրը երիտասարդները հրաւիրեց սուրբ վարդարանի աղօթքով, ջերմեռանդութիւն մատուցել Աստուածածնայ,  հիւանդներուն յորդորեց Անոր ներկայութիւնը զգալ, խաչելութեան պահուն եւ նորապսակեալներուն թելադրեց աղօթել Անոր, որպէսզի իրենց տան մէջ երբեք չպակսի սէրը եւ փոխադարձ յարգանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.